Երբ Դաշնակցութեան դէմ արշաւողը Փաշինեանիզմն է, ՀՅԴ-ի թիկունք կանգնիլը ազգային պարտականութեան կը վերածուի

Երբ Դաշնակցութեան դէմ արշաւողը Փաշինեանիզմն է, ՀՅԴ-ի թիկունք կանգնիլը ազգային պարտականութեան կը վերածուի
shadow
Երբ Դաշնակցութեան դէմ արշաւողը նոյնինքն Փաշինեանականութիւնն է, ՀՅԴ-ի թիկունք կանգնիլը բնականաբար ազգային պարտականութեան կը վերածուի բոլոր ազգայիններուս համար անխտիր։

Երբ Դաշնակցութեան դէմ արշաւողը նոյնինքն Փաշինեանիզմն է, ՀՅԴ-ի թիկունք կանգնիլը բնականաբար ազգային պարտականութեան կը վերածուի բոլոր ազգայիններուս համար անխտիր։

Անկախ այլ գաղափարական ինքնութենէ, մարտավարական տարակարծութիւններէ, կամ անգամ որոշ տեղեր իրարու հետ քաղաքական հակոտնեայ դիրքորոշումներէ (օրինակի համար՝ Լիբանան Դաշնակցութեան միացումը մէտ-սիրիական «8 Մարտ»ի ճակատին, Հայաստան՝ մխրճումը «Հայաստան» դաշինքին), երբ այս բոլորը կը համարեմ ինծի համար սխալ միջոցներ կամ մօտեցումներ, սակայն այնտեղ չեմ տեսներ բացահայտ ապազգային որդեգրումներ, խախտում ազգային սուրբ սկզբունքներու։

Իսկ Քաղաքացիական Պայմանագիրն ու Փաշինեանիզմի ճակատը՝ նէօլիպերալ այս ապազգային հոսանքը, արդէն հասած է յանդգնութեան՝ բոլոր կարմիր գիծերը հատած իր ապազգային քաղաքականութեան քարոզչութիւնն ու հայտարարութիւնները, ժխտելով ազգային ամենէն անխախտելի սկզբունքները, թիրախաւորելով ամենավեհ ազգային խորհրդանիշները՝ Եկեղեցի, Սփիւռք, Արցախ, Պահանջատիրութիւն, Արեւմտեան Հայաստան, Պատմական Հայաստան, Արարատ, ամէն ազգային՝ մեր հոգիին մէջ խարսխուած քաղաքական-ազգային հասկացողութիւնները կասկածի տակ դնելով։

Ի տես այս բոլորին, այս ապազգային նէօլիպերալ ուժին կողմէ շղթայազերծուած արշաւին որեւէ ազգային ուժի մը հանդէպ, ոչ միայն Դաշնակցութեան, որ մեր հիմնական սկզբունքներուն հաւատարիմ կը կառչի, լուռ մնալն ու թիկունք չկանգնիլը նման ուժի՝ պիտի նշանակէ հաւանութիւն տալ այս ապազգային ընթացքին։

Հետեւաբար, ես՝ իբրեւ Ազգային Հնչակեան գաղափարի կրող, բնականաբար պիտի ազգային դիրքորոշում որդեգրեմ՝ ելլելով իմ Հնչակեան ազգային-ընկերվարական-դեմոկրատ ըմբռնումներէս, ու այս հանգրուանին աւելի ու աւելի թիկունք կանգնիմ Դաշնակցութեան ու որեւէ ազգային ուժի, ինչպէս օրինակի համար թիկունք կանգնած եմ Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռին։

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian National Unity

Comment on Facebook

Comment on Disqus